Արցախի Հանրապետութեան տեղեկատուական կեդրոնը կը յայտարարէ.
«Սուրիոյ մէջ Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժը պատճառ դարձաւ մարդկային կորուստներու ու աւերածութիւններու, որոնցմէ զգալիօրէն տուժեց նաեւ տեղւոյն հայ համայնքը: Աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հայեացքը այժմ ուղղուած է երկրաշարժին հետեւանքով ծանր կացութեան մէջ յայտնուած Սուրիոյ հայկական համայնքին:
Հակառակ շրջափակման ծանր պայմաններուն, Արցախի կառավարութիւնը գործակցելով Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղին հետ որոշում կայացուց միանալու համահայկական օժանդակութեան աշխատանքներուն՝ կազմակերպելով դրամահաւաք: Զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն՝ կոչ կ՚ուղղենք Արցախի մէջ ապրող քաղաքացիներուն աշխուժօրէն մասնակցելու դրամահաւաքին եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու բնական աղէտէն տուժած մեր հայրենակիցներուն:
Միայն մեր համազգային ամուր միասնականութեամբ ու իրարու սատար ըլլալու անկեղծ ջանքերով կարելի է յաղթահարել բնութեան արհաւիրքներն ու արհեստածին մարտահրաւէրները»: