Արցախի նախագահի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, թէ առաջնորդուելով Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 162-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որով կը նախաձեռնուի Սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթաց՝ ռազմական դրութեան ժամանակ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թափուր մնալու պարագային՝ Ազգային ժողովին կողմէ Նախագահի ընտրութեան եւ անոր առանձայատկութիւններուն վերաբերեալ:
Փետրուար 13-ին, Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծը ներկայացուած է Ազգային ժողովի քննարկման: