Դեսպանուհին Մոնաքոյի պաշտօնատարներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Բերձորի միջանցքի փակման երեւոյթին վրայ
Աշխատանքային այցով Մոնաքօ մեկնած Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան Փետրուար 9-ին հանդիպում ունեցած է Իշխանապետութեան Արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարար Իզապէլ Պերրօ-Ամատէիի, ինչպէս նաեւ Մոնաքոյի իշխան Ալպեր Բ.ի աշխատակազմի ղեկավար Լոռան Անսելմիի հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին տիկին Տոլմաջեան գոհունակութիւն յայտնած է վերջին տարիներուն Հայաստանի ու Մոնաքոյի միջեւ շփումներու եւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման կապակցութեամբ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Մոնաքոյի իշխանութիւններու կողմէ Հայաստանին եւ հայկական մշակոյթին ցուցաբերուող ուշադրութեան համար։
Ան իր զրուցակիցներուն ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ընթացող հոլովոյթները՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Ազերպայճանի կողմէ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճանապարհի՝ Բերձորի միջանցքի անօրինական փակման փաստին եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին վրայ։
Տիկին Տոլմաջեան մասնակցած է «Լոյս» ցուցահանդէսի բացման
Դեսպանուհին նոյն օրը մասնակցած է Մոնաքոյի գեղարուեստի միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, որուն ներկայ եղած է նաեւ Մոնաքոյի իշխան Ալպեր Բ.։
Ամէնամեայ այս միջոցառումը, որ տեղի կ՚ունենայ Մոնաքոյի իշխանին բարձր հովանիին ներքոյ, այս տարի կը կրէ «Լոյս» («Lumière») տիտղոսը եւ նուիրուած է Հայաստանին։ Վեց հայ արուեստագէտներ կը մասնակցին ցուցահանդէսին որպէս պատուոյ հիւրեր եւ կը ներկայացնեն իրենց գործերը։ Իր դռները հանրութեան Փետրուար 10-ին բացած եւ մինչեւ Փետրուար 24 երկարող այս ցուցահանդէսի ընթացքին տեղի կ՚ունենան նաեւ Հայաստանին եւ հայկական մշակոյթին նուիրուած խորհրդաժողովներ եւ քննարկումներ։
Դեսպան Տոլմաջեան բացման խօսքին մէջ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է՝ Հայաստանի եւ հայկական մշակոյթին նկատմամբ Մոնաքոյի ցուցաբերած բացառիկ ուշադրութեան եւ գնահատանքին համար։
Բացման արարողութեան շրջանակին մէջ իշխան Ալպեր Բ.ի հետ առանձին զրոյցի ընթացքին տիկին դեսպանը խօսած է Բերձորի միջանցքին շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամին մասին։