Ազերպայճանի կառավարութեան գործակալները ահաբեկչական գործողութիւններով 67 օրէ ի վեր պաշարած են Արցախը եւ պատանդ պահած տեղւոյն 120.000 բնակչութիւնը։
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հրապարակած տեղեկագրին համաձայն՝ շրջափակման պատճառով Արցախի 120.000 բնակչութիւնը (ներառեալ՝ շուրջ 30.000 երախայ, 20.000 տարեց, 9.000 հաշմանդամ) կը կրէ բազմաթիւ զրկանքներ եւ, ի շարս այլ իրաւունքներու խախտման, կանգնած է թերսնման եւ ցրտահարութեան մեծ վտանգի առջև:
Շրջափակման պայմաններու տակ սնունդի անբաւարարութեան պատճառով Յունուար 9-էն փակուած է, կամ մասնակի կը գործէ 41 մանկապարտէզ, 56 նախադպրոցական կեդրոն, 20 ուսումնական հաստատութիւն։ Ըստ տեղեկագրին՝ 6.828 երախայ զրկուած է համապատասխան կրթութիւն եւ խնամք ստանալու կարելիութենէն: