Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի ԱԱԾ. «Թրքական արտադրութեան մթերքը Արցախ է բերուել Հայաստանից, որտեղ այն ազատ վաճառւում է»

 

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ապահովութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) հաղորդած են, թէ թրքական արտադրութեան գիւղատնտեսական մթերքի՝ Արցախեան շուկայի մէջ յայտնուելու դէպքին շուրջ ԱԱԾ-ի կողմէ ձեռնարկուած քննութիւններու շնորհիւ պարզուած է, որ նշեալ ապրանքները Արցախ բերուած են Հայաստանէն, ուր ազատօրէն կը վաճառուին։

ԱԱԾ-ի կողմէ ամբողջութեամբ հերքուած է վարկածը, թէ յիշեալ մթերքը ազերպայճանական կողմի միջոցով արցախեան շուկայ մուտք գործած է:

Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակումով ստեղծուած դժնդակ պայմաններուն մէջ, սնանկացման եզրին կանգնած տարբեր տնտեսվարողներ յաճախ կը փորձեն զանազան եղանակներով որոշ ապրանքներ փոխադրել Արցախ:

Նկատի ունենալով այդ քայլին վտանգաւոր բնոյթը, ԱԱԾ-ն, համագործակցելով  ռուսական խաղաղապահ ուժերուն հետ, պիտի շարունակէ միջոցներու ձեռնարկել շրջափակման պայմաններու տակ Արցախ փոխադրուող մարդասիրական բեռներու անվտանգութիւնն ու հսկողութիւնը ապահովելու  ուղղութեամբ: