Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիև Միւնիխի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումէն ետք ազերպայճանական լրասփիւռներուն տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ հայկական կողմին պաշտօնապէս առաջարկած է հսկիչ անցագրային կէտեր տեղադրել Լաչինի եւ Հայաստանի միջեւ։
Ալիեւ ըսած է, որ Հայաստան տակաւին չէ արձագանգած իր առաջարկին:
Ան եռակողմ հանդիպումը «արդիւնաւէտ» որակած է։
“Շատ հարցեր քննարկուեցան, անոնց մէջ՝ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան հարցը, փաստաթուղթին պայմանները։ Ի հարկէ, ես վերահաստատեցի իմ դիրքորոշումը։ Կարեւորը այն է, որ խաղաղութեան պայմանագիրը կնքուի միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ չափանիշերու հիման վրայ”,– ըսած է ան: