Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի մէջ իր աշխատանքը սկսած է ԵՄ-ի շուրջ հարիւր անդամէ կազմուած քաղաքացիական առաքելութիւնը

 

Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) խորհուրդի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն՝ Փետրուար 20-ին Հայաստանի մէջ իր աշխատանքը սկսած է ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութիւնը՝ ընդհանուր ապահովութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շրջանակին մէջ։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ առաքելութիւնը պաշտօնապէս ստեղծուած է ԵՄ-ի խորհուրդի՝ 2023 Յունուար 23-ի որոշումով:

«Հայաստան-Ազերպայճան սահմանի հայկական կողմը հաստատուելուն նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու կայունութեան, հակամարտութենէ տուժած վայրերու մէջ ստեղծել վստահութեան միջավայր մը՝ օժանդակելու Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն»,– ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, թէ ԵՄ-ի առաքելութեան՝ բացառապէս քաղաքացիական անձնակազմին մէջ ընդգրկուած է շուրջ 100 հոգի, որոնցմէ 50-ը՝ անզէն դէտեր:

Առաքելութեան կառավարման կեդրոնը պիտի գտնուի Վայոց ձորի Եղէգնաձոր քաղաքը։ Եւրոպայի Արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական ծրագրաւորման գործադիր տնօրէն Ստեֆանօ Թոմաթ պիտի աշխատի իբրեւ քաղաքացիական հրամանատար, իսկ Մարքուս Ռիթեր՝ որպէս առաքելութեան ղեկավար։