Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ստեփանակերտի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն՝ Արցախեան շարժումի 35-ամեակին առիթով

Փետրուար 20-ին, Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր  արարողութիւն՝ նուիրուած Արցախեան շարժումի 35-ամեակին:

Ձեռնարկը սկսած է Արցախի Հանրապետութեան պետական փառերգի ունկնդրութեամբ։ Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախեան պատերազմներու ընթացքին յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան անմահացած հերոսներու յիշատակին:

Այնուհետեւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան:

“Աստուածաշնչում գրուած է, որ արդարութիւնը բարձրացնում է ազգին, բայց մեղքը ժողովուրդներ է կործանում: Այս խօսքերը գալիս են փարատելու մեր բոլոր հակասական մտածումները, որոնք ծնւում են մեր մէջ, երբ յիշում ենք 35 տարի առաջ մեր ժողովրդի ազգային վերազարթօնքը, եւ երբ միաժամանակ հայեացք ենք գցում մեր ներկայ կեանքին: Իսկապէս, յիշատակի եւ գնահատանքի արժանի օրեր էին, երբ Արցախահայութիւնը, միակամ դարձած, սկսեց իր աստուածապարգեւ ազատութեան համար շարժումը: Այն նշանակում է, որ ժողովուրդը սկսել էր շարժուել, աշխատել, կրաւորական անտարբերութիւնից ու անգործութիւնից անցել գործնական քայլերի, եւ արդիւնքը՝  յաղթանակն էր”,– հաղորդած է սրբազան հայրը:

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան իր ելոյթին շնորհաւորած է Արցախեան շարժումի 35-ամեակը:

Հանդիսութիւնը Համեմուած է պարային եւ երաժշտական կատարումներով։