Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Միջազգային օրէնք, համամարդկային արժէքներ եւ ուժի կիրարկում

Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի գնահատումը լաւագոյնս երկու տողով բնորոշեց «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն. «Անցաւ Միւնիխը եւ… ոչինչ պատահեցաւ 120.000 #արցախի Հայերուն համար, որ 70 օր է, Ազերիներու կողմէ իրենց սեփական երկրին մէջ շրջափակուած, բանտարկուած կը մնան։ Ոչ մէկ մարդասիրական նախաձեռնութիւն, քանի մը յայտարարութիւն, ոչ մէկ շօշափելի գործ։ Աշխարհին հոգը չէ, կը լռէ. #ամօթ»։

Միւնիխի համաժողովին ընթացքին Ալիեւ հպարտութեամբ յայտարարեց, որ «Ազերպայճան պատերազմով վերատիրացաւ Հայաստանի գրաւած հողերուն», մինչ շուրջ 30 տարի տեւած բանակցութիւնները արդիւնք չտուին…։ Պնդեց, որ այսօր «Լեռնային Ղարաբաղ» տարածք հասկացութիւնը գոյութիւն չունի, որ Արցախցիները Ազերպայճանի քաղաքացիներ են, թէ Ազերպայճան բազմազգ տէրութիւն է… եւ սպառնաց՝ մինչեւ որ «ռուս օլիկարխ, ոճրագործ, դրամագլուխ լուացող» Ռուբէն Վարդանեանը չմեկնի «մեր հողերէն», ինք պատրաստ չէ բանակցելու։ Փաշինեան զուսպ էր իր պատասխանին մէջ. յայտնեց, որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը, որուն տակ կայ Ալիեւի ստորագրութիւնը կ՚ընդունի «Լեռնային Ղարաբաղ» եզրի գոյութիւնը։ Սակայն լուռ մնաց Ռուբէն Վարդանեանի հասցէին հնչած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն, որ թէեւ աւելի ճշգրիտ կերպով կը բնորոշէր Ազերպայճանի բռնատէրը՝ կաշառակեր, ոճրագործ, փող լուացող, …, որ միջազգային մասնագիտական կազմակերպութիւններու եւ լրագրողներու կողմէ իբր այդպիսին ճանչցուած է։

Ինչ որ Ալիեւ յայտարարեց, զարմանալիօրէն ոչ ոք զարմացուց, յուզեց, մտահոգեց, որքան որ ալ միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումի բացարձակ նմուշներ ըլլային։ Բուն զարմանալին Արեւմուտքին լռութիւնն է, ի տես Ալիեւի ամբարտաւանութեան։ Փաշինեան խելամտութիւնը ունեցաւ բացէ ի բաց չհակազդելու, որովհետեւ որեւէ վիրաւորանք բռնատէրի մը ուղղուած կրնայ ծանր ու անկանխատեսելի հետեւանք ունենալ Հայաստանի սահմանին, որուն այսպէս կամ այնպէս Արեւմուտքը պիտի չհակազդէ։ Արդարեւ, ցորչափ ինքնապաշտպանուելու միջոց չունիս՝ համեստ կը մնաս։ Ցորչափ ԱՄՆ-ու 

Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն յայտարարելով, որ հակամարտող երկու կողմերը բանակցութեան մէջ են, հաւասարութիւն կը դնէ երկուքին միջեւ, աչք կը գոցէ Ալիեւի բոլոր մեղանչումներուն, միջազգային օրէնքի խախտումներուն, մարդկային արժէքներու ոտնակոխումին, ռազմական ոճիրներուն, Արեւմուտքը կը մնայ անվստահելի։ Պէտք է ապաւինիլ միայն սեփական երկրին բանակին կարողութեան։

Հայ-ազերական հակամարտութեան վերաբերեալ՝ Մինսքի խումբի հիմնական երեք սկզբունքներուն երրորդը՝ ուժի կիրարկումը բացառող սկզբունքն էր։ Իսկ Ազերպայճան ուժի դիմեց եւ Արեւմուտքը լռեց, չյարգեց ի՛ր իսկ սահմանած սկզբունքը։ Ինչպէ՞ս ապաւինիլ Արեւմուտքին։ Ի տես այս փաստերուն՝ աւելի պէտք է զգուշանալ, վախնալ Արեւմուտքի բարեկամութենէն, զօրակցութեան խօսքերէն, քան թէ Ազերպայճանի թշնամութենէն։ Թշնամին՝ գիտես որ թշնամիդ է, իսկ բարեկամ ձեւացնող, սակայն դժուարութեան պահուն քեզի ձեռք չմեկնողը, կեղծ խոստումներ տուողը, աւելի վտանգնաւոր է։ Ինչպէս որ պէտք էր նոյնքան վախնալ Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակցութենէն, որ ըլլայ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, ըլլայ 2020-ին եւ անկէ ետք Մայիս 2021-ին, Սեպտեմբեր 2022-ին ամենայն հանգստութեամբ ձգեց, որ Արզերպայճան յարձակի, գրաւէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները, ուժի գործածութեամբ Ազերպայճան-Նախիջեւան միջանցք բանալու ծրագիրը իրականացնելու համար։ Նա՛եւ ամենայն հանգստութեամբ կը ձգէ, որ Ազերպայճան փակէ Բերձորի միջանցքը, չյարգէ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը։ Նոյնքան ալ մեղաւոր է Արեւմուտքը, որ յայտարարութիւններէ անդին չ՚անցնիր Ազերպայճանին պարտադրելու համար միջանցքի բացումը, ռազմագերիներու վերադարձը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն նահանջը, ռազմական ոճիրներու հետապնդումը, Իւնեսքոյի քննիչներու այցելութիւն՝ Արցախի գրաւեալ տարածքները։

Ժ.Չ. ■