Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Թեմական նոր խորհուրդը

 

Շաբաթ, Յունուար 28-ին տեղի ունեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի պատգամաւորներու յաջորդական ընդհանուր ժողովը։

Հանդիպումը սկսաւ աղօթքով եւ յարգանքի տուրք մատուցելով Շաւիլի ծխական խորհուրդի նախագահ Տիար Սուրէն Փանոսեանի յիշատակին, մահացած՝ անցեալ Դեկտեմբերին։

Պատգամաւորական ժողովը իր աշխատանքի ընթացքին նախ ընտրեց իր վարչութեան անդամները.

– Պարոն Ժիլպեր Տէրտէրեան՝ ատենապետ։

– Պարոն Ժերար Սահակ Շխըրտըմեան՝ փոխնախագահ։

– Տէր Արամ քահանայ Ղազարեան՝ քարտուղար (հայերէն)։

– Տէր Մանուէլ քահանայ Ռաշօ-Յովհաննէսեան՝ քարտուղար (ֆրանսերէն)։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն։

Նոր խորհուրդը կը բաղկանայ 12 աշխարհական եւ կրօնական անդամներէ.

– Տէր Գրիգոր քահանայ Խաչատրեան, Առաջնորդ։

– Հայր Աւետիս քահանայ Պալըգեան, Իսի-լէ-Մուլինօ:

– Հայր Տիրայր աւ. քահանայ Գըլըճեան, Ալֆորվիլ։

– Պարոն Ռիշար Ղազարեան։

– Պարոն Կարօ Կարապետեան։

– Պարոն Արմենակ Քուզուեան։

– Պարոն Հայկազ Կէօրտեպաք-Տրդատեան։

– Պարոն Սարգիս Վարդանեան։

– Տիկին Անուշ Սերոբեան։

– Պարոն Րաֆֆի Մոմճեան։

– Պարոն Կարէն Ղահրամանեան։

– Պարոն Ժորժ-Տարօն Մոստիչեան։

Թեմական նոր խորհուրդի անդրանիկ ժողովը կայացաւ Կիրակի, Յունուար 29-ին, առցանց։ Խորհուրդը ընտրեց իր վարչութիւնը.

– Պարոն Ռիշար Ղազարեան՝ նախագահ։

– Տիկին Անուշ Սերոբեան՝ փոխնախագահ։

– Պարոն Կարէն Ղահրամանեան՝ քարտուղար (հայերէն)։

– Պարոն Սարգիս Վարդանեան՝ քարտուղար (ֆրանսերէն)։

– Պարոն Արմենակ Քուզուեան՝ գանձապահ։

– Պարոն Ժորժ-Տարօն Մոստիչեան՝ փոխգանձապահ։