Միսաք Մանուշեան Պանթէոնի ճամբուն վրայ
Շաբաթ, Փետրուար 18-ին, Լիւքսեմպուրկի պալատի (Ծերակոյտ) «Մետիսիս» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր գիտաժողով մը, կազմակերպուած՝ Unité Laïque-ի (Աշխարհական միաբանութիւն) կողմէ, որ նուիրուած էր Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ֆրանսայի դիմադրական շարժումին մէջ օտարներու դերին եւ յատկապէս Միսաք Մանուշեանին՝ FTP-MOI-ի պարագլուխին, որ գնդակահարուեցաւ Մոն Վալերիէնի մէջ, 21 Փետրուար 1944-ին։
Ծերակուտական Փիէր Ուզուլիասի հովանաւորած այս գիտաժողովը տեղի կ՚ունենար այն նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որ կը հետապնդէ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի աճիւններուն Պանթէոն փոխադրման նպատակը, ինչ որ կրնայ իրականանալ 2024 Փետրուարին, Մանուշեանի խումբին գնդակահարման 80-րդ տարելիցին առթիւ։
* * *
Օրուան ընթացքին խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան։
Յատկապէս յուզիչ էր պահը, երբ Զինուած ուժերու նախարարին առընթեր Պետական քարտուղար, Նախկին ռազմիկներու եւ յիշողութեան հարցերու պատասխանատու տիկին Փաթրիսիա Միրալես իր խօսքի աւարտին ստորագրեց Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրը, որով ան կը պարգեւէր « Mort pour la France » («Մեռած՝ Ֆրանսայի համար») կոչումը Լեհաստանի հրեայ, դիմադրական Շլամա Գրժիվաչին՝ «Կարմիր որմազդ»-ի տասը անդամներէն մէկուն, որ նոյնպէս գնդակահարուած ըլլալով հանդերձ Մոն Վալերիէնի մէջ Մանուշեանի հետ, դեռ չէր արժանացած այդ կոչումին:
* * *
Գիտաժողովի առաջին մասին նախագահեց ծերակուտական Փիէր Ուզուլիաս։
Ֆրանսայի Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի (CNRS) գիտաշխատող, պատմաբան Տընի Փեշանսքիի ներածական խօսքէն ետք, «Հայերը՝ ներքին դիմադրութեան մէջ» նիւթով զեկուցեց հետազօտող Աստղիկ Ադամեան։
Երկրորդ նիւթը, որ կը կրէր «Օտար հրեաները դիմադրական շարժումին մէջ» խորագիրը, ներկայացուեցաւ Նեկեւի Պեն-Կուրիոն համալսարանի պատուոյ դասախօս Ռընէ Փոզնանսքիի կողմէ:
Այս բաժնին վերջին ելոյթը ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային դիմադրութեան թանգարանի ծրագրերու տնօրէն Թոմա Ֆոնթէն, որպէս նիւթ ունենալով «Դիմադրական շարժումի օտար մարտիկներու բռնաճնշումն ու արտաքսումը»։
Առաւօտեան նիստը վերջ գտաւ ներկաներուն հետ փոխանակումով մը։
* * *
Կէսօրէն ետք, գիտաժողովին երկրորդ բաժինը բացաւ Փօլ-Վալերի-Մոնփըլիէ III համալսարանի ժամանակակից պատմութեան դասախօս Ժան-Ֆրանսուա Մուրասիոլէ, «Օտարները ազատ Ֆրանսայի մէջ» նիւթով։ Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ CNRS-ի (CERCEC, EHESS) հետազօտութեանց պատուոյ տնօրէն Գլէր Մուրատեան, որու զեկոյցը կը կրէր «Հայերը ազատ Ֆրանսայի մէջ» խորագիրը:
* * *
Ժան-Փիէր Սաքուն
Այս երկու ներկայացումներէն ետք, գիտաժողովը շարունակուեցաւ «Օտարներու դիմադրական շարժումին յիշողութիւնը» նիւթով։ Unité Laïque-ի նախագահ Ժան-Փիէր Սաքունի նախագահութեամբ մշակուեցան հիմնական չորս բնաբաններ.
– «Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ֆրանսական յիշողութիւնը», Տընի Փեշանսքի,
– «Ֆրանսայի մէջ սպանացի դիմադրականներու յիշատակը», Ժընըվիեւ Տրեյֆիւս-Արման, Իպերական գաղթերու ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու կեդրոնի պատուոյ նախագահ,
– «Մոն-Վալերիէնի մէջ գնդակահարուածներու յիշատակը», Ժան-Պաթիսթ Ռոմեն, Նախկին ռազմիկներու եւ պատերազմի զոհերու ազգային գրասենեակի՝ Իլ-տը-Ֆրանսի յիշողութեան մեծագոյն վայրերու տնօրէն։
– «Օտարները ֆրանսական յիշողութեան մէջ. մօտեցում՝ մշակութային պատմութեան ընդմէջէն», Փասքալ Օրի, Ֆրանսական կաճառէն:
Ինչպէս առաւօտեան, յետմիջօրէի նիստն ալ աւարտեցաւ ներկաներուն հետ փոխանակումով մը։
* * *
Կէսօրէ ետք վերջին ելոյթը վերապահուած էր Մելինէ Մանուշեանի քրոջ թոռան՝ վաւերագրող Քաթիա Կիրակոսեանին, որ զեկոյց մը ներկայացուց «Միսաք Մանուշեանի յիշատակն ու յուշերը» նիւթով։
Փասքալ Օրի
* * *
Գիտաժողովը աւարտեցաւ Ժան-Փիէր Սաքունի՝ «Ֆրանսացի ժողովուրդը պիտի իմանայ՝ ինչպէ՛ս արժանապատուօրէն մեծարել մեր յիշողութիւնը» խորագրեալ ելոյթով, որու ընթացքին ան յատկապէս հաղորդեց կազմակերպուած յաջորդ ձեռնարկներու ցանկը (որուն կարելի է ծանօթանալ www.manouchian-au-pantheon.org կայքէջէն), ինչպէս նաեւ թուեց ցանկը Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանին նուիրուած այն հրատարակութիւններուն, որոնք լոյս պիտի տեսնեն։
ԿԱՅԾԱԿ ■