Փարիզի կեդրոնը գտնուող Հայաստանի բացատին վրայ («Esplanade d’Arménie») զետեղուած է յատուկ ցուցանակ մը՝ պատրաստուած Փարիզի քաղաքապետարանի պատուէրով՝ Փարիզի հանրային վայրերու 19-րդ դարու աւանդական ցուցանակներու եւ անոնց զարդանախշերու ճշգրիտ վերարտադրութեամբ, որ հազուադէպ է վերջին տասնամեակներու ընթացքին։
Ցուցանակին բացումը կատարած են Փարիզի քաղաքապետի կցորդ Առնօ Նկաչա եւ Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան։
Մայրաքաղաքիս սրտին վրայ գտնուող այս ընդարձակ բացատը Հայաստանի անունով վերանուանուած էր 2021 Հոկտեմբերին՝ Փարիզի քաղաքային խորհուրդի միաձայն որոշումով։ Պաշտօնական և հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 2021 Դեկտեմբերին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի կողմէ։
Բացատի տարածքը իր մէջ կ՚ամփոփէ նաեւ 2004-ին նոյն վայրին մէջ տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Կոմիտաս վարդապետին յուշարձանը եւ 2009-ին բացուած Երեւանի պարտէզը։ Յարելով Սէն գետին՝ Հայաստանի բացատը կը գտնուի Ալմայի և Էնվալիտներու կամուրջներուն միջեւ՝ Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ հայ առաքելական եկեղեցւոյ դրացնութեամբ։