Փետրուար 28-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը:
Ժողովը բացուուած է Տէրունական աղօթքով, ապա Խորհուրդի անդամները աղօթած են 1988 Փետրուար 27-29 Սումկայիթի մէջ գործադրուած ջարդերուն զոհ գացած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար:
Կաթողիկոսը ողջունած է Խորհուրդի նոր անդամներ՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս Նալբանդեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը, ԱՄՆ-ու Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեանը եւ Հայկ Իգնաթեանը:
Ժողովի օրակարգին արձանագրուած են ազգային, եկեղեցա-վարչական, կանոնական, կարգապահական, հայեցակարգային եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման առնչուող հարցեր: Քննարկման առարկայ կը դառնան Հայաստանի ու Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղուած Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, Մայր Տաճարի օծման, Միւռոնօրհնութեան եւ յարակից այլ միջոցառումներու կազմակերպական աշխատանքները: