Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԳԵՐՄԱՆԻԱ – Նիկոլ Փաշինեան, իր կնոջ եւ աղջկան հետ ժամանած է Պերլին

Վարչապետ Փաշինեան, իր կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի եւ աղջկան՝ Շուշան Փաշինեանի հետ, աշխատանքային այցով ժամանած է Պերլին:

Այցի շրջանակին մէջ վարչապետը հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ: Բանակցութիւններու աւարտին կողմերը մասնակցած են միացեալ մամլոյ ասուլիսին:

Գերմանիոյ վարչապետը այս առթիւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը ըրած է ընդգծելով, որ իրենց համար նո՛յնքան կարեւոր է ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը, որքան՝ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան սկզբունքը։

Նախատեսուած էր նաեւ Փաշինեանի հանդիպումը Գերմանիոյ նախագահին հետ։ ■