Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ Արցախի եւ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներու հանդիպման մասին.

«Արցախի քաղաքական կարգավիճակի հարցեր չեն քննարկուել»

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Մարտ 1-ին Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարի միջնորդութեամբ Արցախի եւ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներու միջեւ կայացած յաջորդական հանդիպումը՝ նշելով որ անյետաձգելի հարցերու լուծման, մասնաւորապէս, Արցախի ապաշրջափակման նպատակով կազմակերպուող նման քննարկումները չեն կրնար փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ազերպայճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման համար։

«Հանդիպման ընթացքում քննարկուել են մարդասիրական բնոյթի հարցեր` Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի անյապաղ բացման անհրաժեշտութեան համածիրում։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ Արցախի եւ Ադրբեջանի ներկայացուցիչների միջեւ տարբեր մակարդակով նման հանդիպումներ անցկացուել են բազմիցս՝ տեխնիկական, մարդասիրական եւ ենթակառուցուածքային հարցերի քննարկման նպատակով։

Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կարգավիճակին վերաբերող հարցեր հանդիպման մասնակիցները չեն քննարկել։ Հանդիպման արդիւնքներով ադրբեջանական կողմի արած մեկնաբանութիւնները իրականութեան չեն համապատասխանում։ Արցախի Հանրապետութիւնը պահպանում է յանձնառութիւնը իր ժողովրդի՝ ինքնորոշման եւ անկախութեան ուղիի ընտրութեանը, որն ամրագրուել է 1991 թ. հանրաքուէի ժամանակ։

Անյետաձգելի հարցերի լուծման, մասնաւորապէս, Արցախի ապաշրջափակման նպատակով կազմակերպուող նմանատիպ քննարկումները չեն կարող փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման համար։ Ելնում ենք միջազգային միջնորդական ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնից՝ որպէս խաղաղ գործընթացի անշրջելիութեան կարեւոր երաշխիք։ Կրկին ընդգծում ենք, որ Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումն առ այն, որ Ադրբեջանի կողմից ուժի եւ ուժի սպառնալիքի ապօրինի կիրառման արդիւնքները չեն կարող մեկնակէտ լինել խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ճանապարհին, մնում է անփոփոխ»։

* * *

Ի դէպ, մեզի անծանօթ (թերեւս ալ՝ հասկնալի՞) պատճառներով՝ հայկական կողմը այս ու նման հանդիպումներու լրատւութեան մէջ կը խուսափի որոշ մանրամասնութիւններ նշելէ, ինչպէս բանակցութիւններու կարգ մը ծալքեր, կամ ներկայացուցիչներու ինքնութիւն։ Այս պարագային, օրինակ, ՍիվիլՆէթ յղում ընելով ազերական լրասփիւռներուն՝ հրապարակած է հանդիպումէն լուսանկար մը, նաեւ՝ նոյն աղբիւրները հաղորդած են, որ հանդիպումին Արցախի կողմէ մասնակցած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան։