Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնական կայքէն հանուած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման մասին հատուածը

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի պաշտօնական կայքէն հանուած է անոր յայտարարութեան այն հատուածը, ուր նշուած էր Արցախի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքը նկատի առնելու անհրաժեշտութեան մասին։

Նիկոլ Փաշինեանի հետ ասուլիսի վերաբերեալ՝ կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան ներկայի տարբերակին համաձայն՝ Գերմանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ «հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը պէտք է գոյանայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքի հիման վրայ»։

Մինչդեռ, ըստ հաղորդագրութեան սկզբնական տարբերակին, Շոլց յայտարարած է, որ «հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը պէտք է գոյանայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի հիման վրայ»։