«Պաքու Հայաստանի դէմ լայնածաւալ յարձակում կը նախապատրաստէ»
Մարտ 3-ին, Հայաստանի վարչապետը Պունտսեթակի (խորհրդարան) մէջ հանդիպում ունեցած է Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն հետ` նախագահ Միքայէլ Ռոթի գլխաւորութեամբ: Վերջինս ողջունած է վարչապետը եւ նշած, որ այցը լաւ առիթ է` քննարկելու թէ՛ հայ-գերմանական միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, թէ՛ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները:
Փաշինեան իր ելոյթին մասնաւորապէս նշած է.
«Շատ ուրախ եմ այստեղ գտնուելուս եւ ձեզ տեսնելուս համար, որովհետեւ կը կարծեմ` շատ հարցեր կան, զորս պիտի ուզէինք քննարկել այսօր։ Յոյս ունիմ, որ այսօր կ՚ունենանք բաց եւ կառուցողական քննարկում։
Դուք ընդգծեցիք, որ Եւրոպական Միութեան հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է նոր գործօն, եւ այդ գործօնը Եւրոպական Միութեան մնայուն դիտարկման առաքելութիւնն է Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին։ Ես նախ եւ առաջ պիտի ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել Եւրոպական Միութեան` այս որոշումը կայացնելուն համար։
Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած, նախ եւ առաջ Ազերպայճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով։ Դժբախտաբար, հակառակ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի կայացուցած որոշումին, Ազերպայճան դեռ չէ բացած Լաչինի միջանցքը։ Ես պիտի ուզէի ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն փաստին վրայ, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը իրաւաբանօրէն պարտադիր ուժ ունի։ Կարծեմ` սա այնպիսի իրավիճակ մըն է, որ պէտք է միջազգային մակարդակի վրայ քննարկուի, որովհետեւ անընդունելի է առանց արձագանգի թողել Ատեանի որոշումը, մասնաւորապէս, երբ մարդասիրական ճգնաժամը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը շարունակուի, եւ հարկաւոր է միջազգային արձագանգ։
Արդէն աւելի քան 80 օր է, որ Լաչինի միջանցքը փակ է, եւ այս ընթացքին Ազերպայճան կը պնդէ, թէ Լաչինի միջանցքը փակ չէ, բաց է: Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը շատ կարեւոր է այս հարցին պարզաբանում տալու համար, քանի որ Ատեանը նշեց, որ Լաչինի միջանցքը փակ է եւ պէտք է բացուի։
Իմ այցի ընթացքին ես լսեցի որոշ կարծիքներ, որոնք կ՚աջակցին Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային մնայուն դիտարկման կամ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկելու գաղափարին՝ արձանագրելու մարդասիրական իրավիճակը եւ տեսնելու` ինչ կը կատարուի հոն, քանի որ այդ այնպիսի ճգնաժամ մըն է, որ կրնայ յանգեցնել անշրջելի հետեւանքներու, ան կրնայ վերածուիլ մարդասիրական աղէտի։ Կը կարծեմ` մենք միասին պէտք է աշխատինք` թոյլ չտալու, որպէսզի իրավիճակը վերահսկողութենէ դուրս գայ։
Բայց ամենակարեւոր հարցը այն է, թէ ինչո՛ւ Ազերպայճան այդ կ՚ընէ։ Մենք վստահ ենք, որ Ազերպայճանի նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտում կատարելն է, եւ Հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն հեռացնելը։ Կը կարծեմ` Ազերնպայճանի նախագահ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնը կ՚ապացուցէ այդ, որովհետեւ ան ըսաւ, որ Լաչինի միջանցքը բաց է այն Հայերուն համար, որոնք Ղարաբաղը լքելու ցանկութիւն ունին, ինչ որ, կարծեմ, ինքնաբերաբար կը նշանակէ՝ Լաչինի միջանցքը փակ է այն Հայերուն համար, որոնք կ՚ապրին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ որոնք կ՚ուզեն ապրիլ հոն։ Սա է Ազերպայճանի գործողութիւններու գլխաւոր պատճառը։
Մտահոգութիւններ կան, որ սա ընդամէնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լարումի սկիզբն է, գուցէ նաեւ Հայաստան-Ազերպայճան սահմանի երկայնքով, որովհետեւ Ազերպայճան կը շարունակէ արտայայտել յարձակողական մտքեր, յարձակողական հռետորաբանութիւն: Գիտէք, որ անցեալ Սեպտեմբերին Ազերպայճան Հայաստանի դէմ լայնածաւալ յարձակման նախաձեռնեց՝ բռնագրաւելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ: Բայց, միւս կողմէ, մենք Փրակայի մէջ հասանք համաձայնութեան, ըստ որուն` Հայաստան եւ Ազերպայճան կը ճանաչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը՝ հիմնուելով Ալմա Աթայի 1991-ի յայտարարութեան վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ խորհրդային պետութիւններու վարչական սահմանները կը վերածուին պետական սահմանի։ Ալմա Աթայի յայտարարութիւնը Խորհրդային միութեան փլուզման եւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ստեղծման մասին էր։ Նախկին խորհրդային 13 պետութիւն իրենց համաձայնութիւնը տուին, որ վարչական սահմանները դառնան պետական սահման։
Ի դէպ, մենք Փրակայի մէջ նաեւ համաձայնութեան հասանք, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանի գծման գործընթացը հիմնուած պէտք է ըլլայ Ալմա Աթայի նոյն համաձայնութեան վրայ։ Ինչ որ անակնկալ էր՝ ատկէ յետոյ Ազերպայճանի նախագահին յայտարարութիւնն էր, ըստ որուն սահմանագծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ պատմական քարտէսներու վրայ։ Գիտէք, շատ դժուար է բացատրել, թէ ինչ կը նշանակէ այդ։ Գուցէ Ազերպայճանի նախագահին նոր կեցուածքը կրնայ յստակացնել այս իրավիճակը, որովհետեւ վերջերս մենք ականատես եղանք այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ազերպայճանի» հասկացութեան ներկայացման, եւ այդ հասկացութեան ամբողջ միտքը կը կայանայ անոր մէջ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բովանդակ տարածքը կը պատկանի Ազերպայճանին, եւ Հայաստանի մայրաքաղաքը ազերպայճանական քաղաք է եւ այլն։
Մեր գնահատականը այն է, որ այս ամէնը` Լաչինի միջանցքի փակումը, այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ազերպայճանի» հասկացութիւնը, Հայաստանի դէմ լայնածաւալ յարձակման նախապատրաստութիւն է։
Ի դէպ, պիտի ուզէի ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել մէկ այլ շատ կարեւոր իրավիճակի վրայ։ Երէկ (Մարտ 2-ին) Գերմանիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ մենք քննարկում ունեցանք, եւ հոն մեր գործընկերներէն ոմանք կ՚օգտագործէին այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը: Ես խնդրեցի մեր գործընկերներէն ըլլալ ուշադիր, որովհետեւ երբեմն նոյն եզրը կրնայ տարբեր իմաստներ ունենալ տարբեր տարածաշրջաններու եւ տարբեր քաղաքական ու աշխարհաքաղաքական հանգամանքներու մէջ։ Սովորաբար Եւրոպայի մէջ, երբ կ՚ըսուի միջանցք, մարդիկ կը հասկնան երթուղիներ, որոնք կ՚ապահովեն աւելի անվտանգ, յարմարաւէտ, լաւ որակով, նոր ծառայութիւններով երթեւեկութիւն այլն։ Բայց մեր իրավիճակը տարբեր է. մենք ունինք իրաւաբանօրէն համաձայնեցուած կէտ միջանցքի վերաբերեալ 2020 Նոյեմբեր 9-ի մեր եռակողմ յայտարարութեան մէջ, որով վերջ տրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին։
Այսպէսով, այդտեղ մենք ունինք միայն մէկ կէտ ինչ կը վերաբերի միջանցքի, եւ այդ Լաչինի միջանցքն է, որ այս պահուն փակուած է։ Լաչինի միջանցքը սահմանուած էր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ կապ հաստատելու համար։ Լաչինի միջանցքը ուղղակի ճամբայ չէ, ան անվտանգային գօտի է 5 քմ. լայնքով, եւ ըստ յայտարարութեան համապատասխան կէտին` Լաչինի միջանցքը պէտք է դուրս մնայ Ազերպայճանի վերահսկողութենէն եւ պէտք է ըլլայ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ։
Նոյն յայտարարութեան մէջ մենք ունինք 9-րդ կէտը, որը մեր տարածաշրջանի երթեւեկութեան եւ տնտեսական բոլոր երթուղիներուն բացման մասին է։ Եւ այո՛, հոն կայ կէտ մը, ըստ որուն` Հայաստան պէտք է կապ ապահովէ Ազերպայճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ, բայց չկայ որեւէ կէտ, որ այդ երթուղիները պէտք է ըլլան Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս։ Այդ երթուղին պէտք է գործէ մեր տարածաշրջանի ճամբաներու, երկաթուղիի բացման համածիրին մէջ։ Պէտք է նշեմ, որ Հայաստան պատրաստ է նոյնիսկ այսօր բանալու բոլոր հաղորդակցութիւնները։ Բայց ամէն անգամ, երբ մենք կը փորձենք ընել այդ, Ազերպայճան կ՚ըսէ, որ այս երթուղիները պէտք չէ ըլլան Հայաստանի վերահսկողութեան եւ օրէնսդրութեան ենթակայ, որ բացարձակապէս անընդունելի է մեզի համար: Վերջերս Ազերպայճանի նախագահը հանրայնօրէն ընդունեց, որ եռակողմ յայտարարութեան մէջ չկայ ո՛չ մէկ կէտ, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, եւ մինչդեռ ինք էր, որ այդպիսի հասկացութիւն ներմուծած է տարածաշրջանային կապերու համածիրին մէջ։
Խնդիրը այն է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է միակողմանիօրէն որեւէ բան ներմուծել եռակողմ յայտարարութեան մէջ։ Սա բացարձակ անհեթեթութիւն է։ Այսպէս, ես պիտի փափաքէի, որ այդ բառակապակցութիւնը չգործածուի, քանի որ այդ կը նշանակէ աջակցութիւն Ազերպայճանի հողային նկրտումներուն Հայաստանի դէմ։ Բայց, միւս կողմէ, կ՚ուզեմ անգամ մը եւս վերահաստատել, որ մենք պատրաստ ենք հաղորդակցութեան ճամբաները բանալու։ Աւելին, արդէն աւելի քան վեց ամիս է, որ կառավարութեան որոշման նախագիծ ունինք Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին վրայ երեք անցակէտ բանալու մասին, բայց ամէն անգամ, երբ կը փորձենք ընդունիլ այդ որոշումը, ազերպայճանական կողմը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ` ըսելով, թէ ինչու անոնք կ՚ուզեն անցակէտ բանալ մեր սահմաններուն մօտ առանց մեզի հետ համաձայնելու։
Ա՛յս է ընդհանուր իրավիճակը, բայց կարծեմ, մենք պէտք է կեդրոնանանք խաղաղութեան օրակարգի վրայ։ Ինչպէս գիտէք, մեր կառավարութիւնը ստանձնած է պատասխանատւութիւն խաղաղութեան օրակարգի համար, ես անձամբ նուիրուած եմ խաղաղութեան օրակարգին եւ ժողովրդավարութեան, որովհետեւ վստահ եմ, որ ժողովրդավարութիւնն ու խաղաղութիւնը անբաժան են, եւ քանի որ ժողովրդավարութիւնը մեզի համար ռազմավարութիւն է, մենք շահագրգռուած ենք խաղաղութեամբ, որպէսզի կարողանանք մեր երկրին մէջ ապահովել ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան եւ ազատութեան շարունակական զարգացումը։ Ա՛յս է իրավիճակի ընդհանուր գնահատականը»։
Այնուհետեւ վարչապետը պատասխանած է երեսփոխաններու շարք մը հարցումներուն: