Մարտ 5-ին Ֆրանսահայերու միութեան (Union Franco-Arménienne) հետ գործակցաբար խումբ մը հայ եւ ֆրանսացի երիտասարդներ միջոցառում մը իրականացուցին Փարիզի քաղաքապետարանին դիմաց՝ հանդէս գալով Արցախի նկատմամբ Ազերպայճանի ոտնձգութիւններն ու յանցագործութիւնները դատապարտող անգլերէն ու ֆրանսերէն լոզունգներով:
Անոնք կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան՝ առաւելագոյն ճնշումը գործադրելու Ազերպայճանի վրայ՝ բանալու Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ Բերձորի միջանցքը:
«Stop Azerbaijan, Sanction Aliyev», «Stop Artsakh Blockade», «Open the road of life» եւ այսօրինակ լոզունգներով անոնք պահանջեցին միջազգային հանրութենէն կանգնեցնել Ազերպայճանի ցեղասպանական գործողութիւնները եւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկումով վերջ դնել Արցախի մէջ ծայր առած մարդասիրական ճգնաժամին:
Երիտասարդներէն ոմանք սեւ կտորով կապած էին իրենց աչքերն ու բերանները՝ ի ցոյց դնելու միջազգային հանրութեան որդեգրած կրաւորական դիրքորոշումը՝ ի հեճուկս Ազերպայճանի հայաթափման արշաւին:
Անցորդներէն շատեր, ցանկալով իմանալ միջոցառման շարժառիթին ու նպատակին մասին, մօտեցան եւ լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին մասնակից երիտասարդներուն: