Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Մելինէ Մանուշեանի որմնանկարը պղծած են

Փարիզի 20-րդ թաղամասի շէնքերէն մէկուն պատին վրայ՝ ի յարգանս Մելինէ Մանուշեանի յիշատակին գծուած որմնանկարը անցեալ շաբաթավերջին անծանօթներու կողմէ պղծուած է։ 

Այս առթիւ ծերակուտական Փիէր Ուզուլիաս կը գրէ.

«Կը տեղեկանամ, որ Մելինէ Մանուշեանի ի պատիւ Փարիզի 20-րդ թաղամասին մէջ ստեղծուած որմնանկարը վանդալական արարքի ենթարկուած է այս շաբաթավերջին: Այս նողկալի արարքը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսայի համար զոհուած օտարներու ի խնդիր պայքարը դեռ աւարտած չէ։ Մենք երբեք ոչինչ պիտի զիջինք»։