Պաքու կրկին յայտարարած է, թէ Բերձորի միջանցքին անհրաժեշտ է վերահսկողութեան կարգ ապահովել, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ «ձեռնարկել վճռական, անհրաժեշտ միջոցներու՝ զինաթափելու եւ չէզոքացնելու անօրինական զինուած կազմաւորումները»։
Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ պնդելով, թէ Հայաստան կը շարունակէ ռազմական փոխադրումները՝ Արցախ: «Անգամ մը եւս կը զգուշացնենք, որ Հայաստանի կողմէ ռազմական բեռներու փոխադրումը Ազերպայճանի տարածք, Հայաստանի զինուած ուժերու անձնակազմի փոխադրումն ու շրջանառութիւնը պէտք է անյապաղ, մէկ անգամ ընդմիշտ դադրեցուին, հայկական զօրքերը պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերուին մեր երկրի տարածքէն։ Հակառակ պարագային ազերպայճանական կողմը հարկադրուած պիտի ըլլայ,– օգտագործելով բոլոր կարելիութիւնները,– ձեռնարկելու վճռական, անհրաժեշտ միջոցներու՝ զինաթափելու և չէզոքացնելու համար անօրինական զինուած կազմաւորումները։ Հայաստանի նման գործողութիւնները կը նկատուին իբրեւ ռազմական յարձակման շարունակութիւն»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ: