Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Դեսպանուհի Տոլմաջեան ընդունած է  Զաւիէ Պերթրանը

Մարտ 7-ին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան դեսպանութեան յարկին տակ հիւրընկալած է Հօ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Զաւիէ Պերթրանը։ Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։ 

Տեսակցութեան ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն, Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ միջանցքի ապաշրջափակման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան յստակ քայլերու անհրաժեշտութեան։  

Տեղի ունեցած է նաեւ միտքերու փոխանակում՝ Հօ-տը-Ֆրանսի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան հնարաւոր ուղղութիւններուն շուրջ։