Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպանի (ՄԻՊ) գրասենեակի Մարտ 7-ին հրապարակած զեկոյցին մէջ նշուած է, թէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարէն ի վեր Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ Ազերպայճանի ոտնձգութիւններուն Արցախի մէջ զոհ գացած է ընդհանուր 21 հոգի (15 զինուորական եւ 6 խաղաղ քաղաքացի)։
Զեկոյցին մէջ ընդգծուած է նաեւ 2022 Դեկտեմբեր 12-էն Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը, որ յանգեցուցած է բնակչութեան տարրական իրաւունքներու՝ բաւարար կենսամակարդակի, ազատ տեղաշարժի, առողջութեան պահպանման, կրթութեան եւ շարք մը այլ իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու։
Աւելի՛ն, 86 օրէ ի վեր շարունակուող շրջափակման պայմաններու տակ ազերպայճանական կողմը Փետրուարի վերջէն ի վեր պարբերաբար զինեալ յարձակումներ կը գործէ։
Զեկոյցը՝ Մարտ 5-ի արարքը «ահաբեկչութիւն» կ՚որակէ։
«Ազերպայճանի կողմէ շարունակուող շրջափակումը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար կատարուող զինեալ յարձակումները նպատակ ունին ֆիզիքական եւ հոգեբանական ահաբեկչութեամբ, կեանքի համար անտանելի պայմաններու ստեղծումով ցեղային զտման ենթարկելու Արցախը եւ ոչնչացնելու Հանրապետութեան բնիկ հայկական բնակչութիւնը»,– նշուած է զեկոյցին մէջ։