Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լուիս Պոնօ. «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը» 

Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին հետ զրոյցին պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղը խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մաս պիտի կազմէ՞, թէ՞ ոչ, յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ կայուն, մնայուն եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիր ունենալու համար ան պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղը։ 

“Մենք յանձնառու ենք այս գործը իր աւարտին հասցնելու եւ գիտակից ենք անոր կարեւորութեան: Նախ՝ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ խաղաղ գործընթացին մէկ մասնիկը: Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ ճանչցած են այդ։ Բայց, ինչպէս արդէն ըսած եմ, մենք այստեղ չենք որեւէ համաձայնագրի կամ համաձայնութեան շուրջ պայմաններ պարտադրելու համար: Կարեւոր է, որ կողմերը իրենք համաձայնութեան յանգին: Իսկ մենք կ՚աշխատինք երկու կողմերուն հետ: Նախագահ Ալիեւ Միւնիխի մէջ յայտարարեց, որ մէկը պիտի նշանակէ՝ բանակցելու Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ: Այդ արդէն կատարուեցաւ անցեալ շաբաթ: Ան հետս զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ պատրաստ է շարունակելու այդ քննարկումները: Մենք լաւատես ենք, որ կարելի պիտի ըլլայ կողմերուն հետ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Բայց այս գործը դիւրին պիտի չըլլայ, քանի բոլոր կողմերէն կը պահանջէ շատ ծանր աշխատանք եւ յանձնառութիւն”,– ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը։