Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Արցախը շարունակում է հաւատարիմ մնալ բանակցութիւնների միջոցով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման» 

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին, թէ Արցախի իշխանութիւնները ի՞նչ կեցուածք որդեգրած են հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով Ազերպայճանի հետ ուղղակի երկխօսութիւն վարելու միջազգային միջնորդներու վերջին առաջարկներուն նկատմամբ, յայտարարած է, որ Արցախ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումին։

«Այն պէտք է հիմնուած լինի ոչ թէ ռազմական ուժերի յարաբերակցութեան կամ ուժի կիրառման հետեւանքների օրինականացման, այլ` միջազգային իրաւունքի չափանիշերի եւ սկզբունքների, այդ թւում` իրաւահաւասարութեան եւ ժողովուրդների ինքնորոշման իրաւունքի վրայ։ Այս սկզբունքները պաշտպանելու լաւագոյն տարբերակն է միջազգային հանրութեան ներգրաւումը Ադրբեջանի հետ քննարկումներում։ 

Մենք բազմիցս միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն ենք հրաւիրել այն փաստի վրայ, որ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան համաձայնեցուած, միջազգայնօրէն ճանաչուած ձեւաչափով, որի շրջանակներում կ՚ապահովուեն պայմաններ եւ երաշխիքներ կողմերի ստանձնած  պարտաւորութիւնները անշեղօրէն  կատարելու համար։ Այս առումով, նախ, անհրաժեշտ է ջանքերը կենտրոնացնել նախկինում գոյացած համաձայնութիւնների լիարժէք իրականացման վրայ։ Հէնց դա կը լինի խաղաղ գործընթացին կողմերի բարեխիղճ մօտեցման գլխաւոր ցուցիչը։ Դրանից յետոյ կարող են ձեւաւորուել բարենպաստ պայմաններ բոլոր խնդիրները, այդ թւում՝ Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան ապահովման, իրաւունքների՝ առանց սահմանափակումների իրացման եւ ազատ կամքի արտայայտութիւնը յարգելուն առնչուած հարցերը քննարկելու համար։ Համոզուած ենք, որ առանց այս կարեւոր հարցերի լուծման անհնար է հասնել հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման»,– յայտնած են Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութենէն, ընդգծելով, որ Ազերպայճան մէկ կողմէ կը յայտարարէ Արցախի հետ երկխօսութեան պատրաստկամութեան մասին, միւս կողմէ՝ գրեթէ երեք ամիսէ ի վեր շրջափակման մէջ կը պահէ բնակչութիւնը, ահաբեկչական յարձակումներ կը կազմակերպէ անոր դէմ եւ հանդէս կու գայ առաւելապաշտական պահանջներով՝ փորձելով ճնշումներ գործադրել եւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի միջոցով հասնելու համար իր նպատակներուն։