Երեւանի մէջ պիտի ընդարձակուի հանրակառքերու յատուկ երթեւեկութեան գօտիներու ցանցը

Երեւան-հանրակառք

Նկարը պատրաստուած է ԱԲ-ով

Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան յանձնարարած է, որ հանրակառքերու գնման յաջորդ մրցոյթը բացառապէս ելեկտրական շարժիչով փոխադրամիջոցներու համար ըլլայ։ Այս մասին ան յայտարարած է Հոկտեմբեր 26-ին, քաղաքապետարանի աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին։

Քաղաքապետին համաձայն, հանրային փոխադրութեան բարեկարգման յաջորդ հանգրուանին անհրաժեշտ է փոխարինել Higer մակնիշի հանրակառքերը։

“Արդէն ժամանակն է ամբողջութեամբ անցնելու ելեկտրական հանրակառքերու”,– յայտարարած է Աւինեան։

Միաժամանակ, քաղաքապետարանը կը նախատեսէ ընդարձակել հանրակառքերու երթեւեկութեան յատկացուած առանձին գօտիներու ցանցը։ Աւինեանի համաձայն, կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ յատուկ գօտիով երթեւեկող 15 հանրակառք աւելի արդիւնաւէտ կը գործէ, քան երթեւեկութեան ընդհանուր հոսքին մէջ գտնուող 25 հանրակառք։

Քաղաքապետը իր տեղակալ Սուրէն Գրիգորեանին յանձնարարած է մինչեւ տարեվերջ ներկայացնել այդ գօտիներու ընդարձակման փուլային ծրագիրը։

Նախատեսուած է նաեւ հանրակառքերու յատուկ գօտիներու ստեղծումը համադրել հեծանիւային ուղիներու կառուցման հետ։

Ծրագրին գործադրութիւնը պիտի սկսի այս տարի՝ յաջորդական փուլերով։