Մարտ 6-ին, Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպ ընդունած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, գործադիր տնօրէնուհի Հեղինէ Էվինեանը եւ շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Կարօ Կարապետը:
Հանդիպումին՝ Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները մանրամասնութիւններ հաղորդած են Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ Ազերպայճանի կողմէ գործադրուող ցեղային զտումի քաղաքականութեան վերաբերեալ, շեշտելով Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք ընդգծած են Բերձորի միջանցքին անյապաղ բացման կարեւորութիւնը եւ Ազերպայճանի մէջ անօրինական գերութեան մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման հրամայականը։
Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները վերահաստատած են իրենց վճռականութիւնը՝ ամէն ջանք գործադրելու նպաստելու համար Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ կապերու ամրապնդման հոլովոյթին:
Հանդիպումը ընթացած է ջերմ եւ հիւրընկալ մթնոլորտի մէջ։