Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմը Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները հրաւիրած է հանդիպելու Պաքու։
ԱՓԱ գործակալութեան համաձայն՝ այժմ Ազերպայճան կ՚առաջարկէ յառաջիկայ օրերուն յաջորդ հանդիպումը կայացնել Պաքուի մէջ՝ քննարկելով այսպէս կոչուած «վերահամարկման» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ), Արցախի մէջ «ենթակառուցային ծրագրերու իրականացման» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) հարցերը:
Նշենք, որ Ազերպայճանի նախագահի՝ անվտանգութեան հարցերու օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ Պաքու անընդունելի կը համարէ Հայաստանի իշխանութիւններու՝ խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ Արցախի հարցը ներառելու փորձերը։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող Հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը «կ՚որոշուին Ազերպայճանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ)։
Ստեփանակերտ պատրաստ է հանդիպման, բայց` ոչ Պաքուի մէջ եւ ոչ Ազերպայճանի օրակարգով
Ի պատասխան Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի այս հրաւէրին, Ստեփանակերտ յայտարարած է, թէ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներ կրնան տեղի ունենալ ռուս խաղաղապահներու միջնորդությամբ եւ հոն, ուր նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցեր էր։ Մարտի 1-ին կողմերը հանդիպում ունեցած էին Իվանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կեդրոնին մէջ:
Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պնդած է, թէ օրակարգին մէջ պէտք է ընդգրկուին մարդասիրական, ենթակառույցներու, թեքնիք հարցեր` «առանց դրանց անհարկի քաղաքականացման»:
Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է, թէ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ հաստատուած ձեւաչափով՝ «կողմերի հաւասար իրաւունքների եւ ստանձնած պարտաւորութիւնների կատարման միջազգային երաշխիքների առկայութեան պայմաններում»:
Ազերպայճանական հրաւէրին նոյն օրը՝ Մարտ 13-ին արձագանգած են նաեւ Արցախի խորհրդարանական ուժերը, պնդելով, թէ «Արցախի շրջափակման, խաղաղ բնակչութեան ահաբեկման ու ոստիկաններին գնդակահարելու» պայմաններուն մէջ ուղղակի երկխօսութեան մասին խօսակցութիւնները անընդունելի կը համարեն: