Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Անի Բադալեան կը փոխարինէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեանը 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան իր պաշտօնէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է։ Ան Դիմագիրքի իր էջին տեղադրած գրառումով նաեւ տեղեկացուցած է, թէ այսուհետեւ բանբերի պարտականութիւնները կը կատարէ Անի Բադալեան։

Յունանեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախարար Արարատ Միրզոյեանին՝ իր նկատմամբ ցուցաբերած վստահութեան համար, նշելով թէ պիտի շարունակէ դիւանագիտական ծառայութիւնը Արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգին մէջ։