Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պերլինի մէջ գերմանական շարք մը ընկերութիւններու հետ հանդիպումին խօսած է արդէն աւելի քան չորս հարիւր նախկին ազերի գաղթականի Արցախի մէջ վերաբնակեցման մասին։
“Ապագայի մեր հիմնական ծրագրերէն մէկը Ղարաբաղի «ազատագրուած տարածքներու» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) վերականգնումն է… Այժմ այդ տարածքը, որ հաւասար է ժամանակակից Լիբանանի տարածքին, ամբողջովին աւերուած է: Մենք արդէն մշակած ենք ծրագիր եւ իրագործած առաջին փորձնական նախագիծը՝ վերաբնակեցնելով աւելի քան չորս հարիւր նախկին գաղթական: Մենք կը նախատեսենք վերաբնակեցնել հարիւրհազարաւոր նախկին գաղթականները”,– ըսած է Ալիեւ։
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց՝ Ալիեւի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին յայտնած է, թէ Գերմանիոյ եւ Ազերպայճանի հասարակաց նպատակը ղարաբաղեան համակարտութեան մնայուն եւ իրագործելի լուծում գտնելն է՝ ի բարօրութիւն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան։ Ան աւելցուցած է, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման վրայ։