Մարտ 16-ին, Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ՝ ելոյթ ունենալով «Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան» համաժողովին, լիրբ առաջարկ մը ըրած է Հայաստանին։
“Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնքին կողմէ մշակուած վերադարձի հայեցակարգին համաձայն՝ ներկայի Հայաստանի տարածքէն բռնի տեղահանուած Ազերիները հայրենի հողեր վերադարձնելու համար պէտք է գոյանայ իրաւաբանօրէն պարտադիր միջազգային համաձայնութիւն՝ երաշխաւորման եւ վաւերացման համապատասխան գործիքակազմով։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս մենք կ՚ապահովենք Ղարաբաղ բնակող Հայերու անձնական իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, Հայաստան նոյնպէս պէտք է ապահովէ արեւմտեան Ազերպայճանցիներու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը փոխադարձութեան սկզբունքի հիման վրայ”,– Ալիեւի այս խօսքերը մէջբերած է ԱՓԱ գործակալութիւնը։
Փաստօրէն Ազերպայճանի նախագահը այսպէսով կը փորձէ հետագայ յարձակման համար հող պատրաստել։