Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ – Նոր Սերունդի բողոքի ցոյցը՝ Ազերպայճանի դեսպանատան դիմաց

Մարտ 21-ին, ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի անդամները բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են Փարիզի մէջ Ազերպայճանի դեսպանատան դիմաց` դատապարտելով 100 օրէ ի վեր Արցախի 120.000 Հայերը շրջափակման մէջ պահող Պաքուի բռնապետական վարչակարգի վարած հակահայ քաղաքականութիւնը:

Երիտասարդները վանկարկած են՝ «Ազերպայճան կը շարունակէ յարձակողական գործողութիւններով թիրախաւորել հայ խաղաղ բնակիչներն ու զինուորները», «Պատերազմը կը շարունակուի, քանի տակաւին այդ յանցագործութիւնները անպատիժ կը մնան», «Մեր պայքարը կը շարունակուի»…։

Ցուցարարները եռագոյն ծխարձակ վառած եւ այրած են Ազերպայճանի դրօշը։

Տեսանիւթին կապը՝

https://www.facebook.com/NorSeround/videos/225258893331570