Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան եւ Թուրքիա պատրաստ են մինչեւ 2023-ի զբօսաշրջային եղանակին սկիզբը բանալ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար

Հայաստան եւ Թուրքիա մինչեւ 2023 թուականի զբօսաշրջային եղանակի սկիզբը համաձայնած են բանալ սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցողներուն համար։ «Արմէնփրէս»-ի համաձայն՝ այս մասին յայտարարած է Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին, աւելցնելով, որ Երեւան գործուն աշխատանք կը տանի այդ ուղղութեամբ։

Ներկայացնելով կառավարութեան ծրագրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին զեկոյցը՝ նախարարը խօսած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ 2022-ին ալ շարունակուած աշխատանքներուն մասին ալ եւ յիշեցուցած է, որ Փետրուար 15-ին աշխատանքային այցով մեկնած էր Թուրքիա՝ ցաւակցելու երկրաշարժի հետեւանքով մեծ թիւով կորուստներու կապակցութեամբ։

“Թուրքիոյ Արտաքին գործերի նախարարի հետ վերահաստատել ենք մինչեւ այս տարուայ զբօսաշրջային եղանակի բացումը հայ-թուրքական սահմանը երրորդ երկրների քաղաքացիների եւ դիւանագիտական անձնագրեր ունեցող անձանց համար բացելու պատրաստակամութիւնը”,– ըսած է Միրզոյեան։