Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ ազերպայճանական բանակը, կրկին անգամ ոտնահարելով 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Ազերպայճանի ստանձնած պարտաւորութիւնները, Մարտ 25-ին Շուշի-Լիսագոր հատուածին մէջ խախտած են նոյն փաստաթուղթով ամրագրուած շփման գիծը եւ դիրքային որոշ յառաջխաղացք արձանագրած են Արցախի Հանրապետութեան հողին վրայ:
Դէպքին կապակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները անմիջապէս տեղեակ պահած են Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը՝ նկատի ունենալով տուեալ փաստաթուղթով անոնց ստանձնած առաքելութիւնն ու գործառոյթները: Իշխանութիւնները խաղախապահներէն կ՚ակնկալեն գործնական քայլեր՝ նշեալ խախտումին հետեւանքներու վերացման ու նոր խախտումներու կանխարգիլման նպատակով:
«Ստեփանակերտ-Ղայպալիշէն-Լիսագոր լեռնային ճանապարհը իբր զինամթերքի փոխադրման նպատակով օգտագործելու մասին ադրբեջանական կողմի կեղծ պնդումը պարզապէս պատրուակ է իրենց յաջորդական յարձակողական ու ապակառուցողական գործողութիւնների իրականացման համար: Այդ նոյն պնդումով նրանք Մարտի 5-ին յարձակուեցին ու սպանեցին իրենց ծառայողական պարտականութիւնները կատարող երեք ոստիկանի:
Արցախի իշխանութիւնները քանիցս յայտարարել են, որ Դեկտեմբեր 12-ից մեկնարկած շրջափակման պայմաններում տուեալ լեռնային ճանապարհը օգտագործւում է Ստեփանակերտի եւ Շուշիի շրջանի չորս համայնքների միջեւ քաղաքացիական ու հրատապ հաղորդակցութեան կազմակերպման համար, ինչը իրականացւում է բարձր մեքենաներով՝ հաշուի առնելով տեղանքի խիստ բարդ ու վտանգաւոր մակերեւոյթը:
Իսկ Պաշտպանութեան բանակի գոյութիւնն ու բնականոն գործունէութիւնը որեւէ վտանգ չի ներկայացնում ոեւէ մէկի հանդէպ, քանի որ նախատեսուած է բացառապէս ինքնապաշտպանութեան համար՝ նկատի ունենալով Արցախի ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան ու անվտանգութեան դէմ ուղղուած իրական ու անմիջական վտանգներն ու սպառնալիքները»,– նշուած է Տեղեկատուական կեդրոնի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։