Մարտ 25-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ։
Կողմերը անդրադարձած են Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով շարունակուող ճգնաժամային իրավիճակին, Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, խաղաղութեան պայմանագրին, տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման առնչուող հարցերուն։
Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Ազերպայճանի յարձակողական հռետորաբանութեան եւ գրգռիչ գործելակերպին կապակցութեամբ, որ խոչընդոտ կը հանդիսանայ կայունութեան ու խաղաղութեան միտող ջանքերուն։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու տարածաշրջանային երկխօսութեան ու խաղաղութեան։