Ըստ «Հրապարակ» թերթին՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան քանի մը օր առաջ կրկին Մոսկուա այցելած է, ուր ան շարք մը հանդիպումներ ունեցած է։
Արցախ վերադարձին, Նախագահը հրաւիրած է իր մերձաւոր շրջապատը եւ ըսած, որ իր հրաժարականի հարցը առայժմ փակուած է` յառաջիկային ընտրութիւն տեղի պիտի չունենայ: Ան նաեւ ըսած է, որ պէտք է պատրաստուիլ երկարատեւ եւ կոշտ դիմադրութեան` կրակոցին կրակոցով պատասխանելու, գրգռութեան փորձերը կանխելու եւ այդ գրգռութիւններու հեղինակները ոչնչացնելու, վերականգնելու Արցախի բնականոն կեանքը, գործարկելու այլընտրանքային ճանապարհը եւ մեծով-փոքրով զինուելու` պատրաստուելով յառաջիկայ պատերազմին:
Ըսած է, որ մեր առջեւ երկու ճանապարհ կայ` կա՛մ լքել Արցախը, կա՛մ կռուիլ, եւ եթէ պէտք է, զոհուիլ` պահպանելով մեր անկախութիւնը: Իսկ Ազերպայճանին համարկուելու տարբերակը բացառուած է։