Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի զինուորները կասեցուցած են թշնամիի յառաջխաղացքի փորձը

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկութեան համաձայն՝ ազերպայճանական բանակը Մարտ 27-ի առաւօտեան փորձած է յառաջանալ Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճամբուն յարակից բարձունքներէն մէկուն ուղղութեամբ, սակայն նշեալ հատուածին մէջ մարտական հերթապահութիւն կատարող Պաշտպանութեան բանակի զինուորներու գործողութիւններուն շնորհիւ հակառակորդի յառաջխաղացքի փորձը կասեցուած է։

Միջադէպի մասին Նախարարութիւնը տեղեակ պահած է խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը։