Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱՐՑԱԽ – Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարուած է

Մարտ 27-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարուած է՝ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Նախագահը նշած է, որ նիստին նպատակը՝ ստեղծուած ռազմաքաղաքական կացութեան մէջ առկայ խնդիրներու միասնական քննարկումն ու անհրաժեշտ որոշումներու կայացումն է:

Անդրադառնալով Ազերպայճանի կողմէ 2020-էն ի վեր եռակողմ  յայտարարութեան դրոյթներու պարբերաբար խախտումին ու 2022 Դեկտեմբեր 12-էն շարունակուող շրջափակման պայմաններու տակ Արցախի նկատմամբ մարդասիրական, ընկերային-տնտեսական, ռազմական, քաղաքական եւ հոգեբանական ճնշումներուն՝ Յարութիւնեան յայտնած է, թէ հակառակ Արցախի իշխանութիւններու բազմաթիւ դիմումներուն եւ յորդորներուն, միջազգային դերակատարները կը շարունակեն սահմանափակուիլ մի՛այն յայտարարութիւններով, հաղորդագրութիւններով:

“Հետեւաբար, մեր խնդիրն է սթափ գնահատել ստեղծուած իրավիճակի ամբողջ բարդութեան ու պատասխանատւութեան աստիճանը, վերագնահատել եղած բոլոր պաշարներն ու հնարաւոր նոր վտանգները զսպող գործիքակազմերը եւ կատարել անհրաժեշտ հետեւութիւններ ու գործողութիւններ: Վստահ եմ, որ մեր ողջամիտ քայլերի միջոցով կարելի է յաղթահարել այս ծանր ժամանակաշրջանը նոյնպէս՝ պահպանելով ու պաշտպանելով Արցախի Հանրապետութեան կենսական շահերը”,– ընդգծած է նախագահ Յարութիւնեան:

Նիստին, ընդհանուր կացութեան մասին զեկուցած է Պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեան։

Օրակարգին վերաբերող հարցերուն շուրջ տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում։

Նախագահը շարք մը յանձնարարականներ տուած է լիազօր մարմիններուն: