Հայ դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբին հրաւէրով՝ Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան Արթուր Խաչատրեան Մարտ 19-25 Արժանթին կը գտնուէին մասնակցելու համար Մարդկային իրաւանց միջազգային 3-րդ համաժողովի աշխատանքներուն։
Հայ դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբը 2022 Մայիս 28-ին համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած է CIPDH-UNESCO (Մարդկային իրաւանց խթանման միջազգային կեդրոն) կազմակերպութեան հետ, որու գործունէութիւնը հիմնուած է Արժանթինի եւ UNESCO-ի միջեւ կնքուած համապատասխան պայմանագրի վրայ։ Հայ դատի յանձնախումբի և CIPDH-UNESCO-ի միջեւ կնքուած յուշագրի հիման վրայ հնարաւորութիւն ստեղծուած է ապահովելու Գեղամ Ստեփանեանի և Արթուր Խաչատրեանի մասնակցութիւնը համաժողովին։
Խաղաղութեան գործընթացներ աշխարհի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ» քննարկման ընթացքին Արթուր Խաչատրեան մանրամասն ներկայացուցած է Արցախեան հակամարտութեան ծագման պատմութիւնը, ընթացքը եւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները։ «Հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որ չ՚երաշխաւորեր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար տարածաշրջանին մէջ մնայուն եւ արդար խաղաղութիւն հաստատել։ Խաղաղութիւնը առանց արդարութեան լոկ հրադադար է՝ կարելի իր բոլոր բացասական հետեւանքներով՝ ցեղային զտումէն ու ցեղասպանութենէն մինչեւ նոր պատերազմ։ Ուստի միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ազերպայճանի վրայ, որպէսզի այդ երկիրը վերադառնայ Արցախի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման բանակցութիւններու սեղան”,- նշած է ան։
Խաչատրեան նաեւ ներկայացուցած է Արցախի պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարուած ռազմական յարձակումներու մասին տեղեկութիւններ։
«Մարդկային իրաւանց խախտումներն ու ցեղասպանութեան սպառնալիքները» բնաբանով քննարկման ընթացքին Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձած է 2020-ի աշնան Ազերպայճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմին, իրագործուած ռազմական յանցագործութիւններուն, մարդկային իրաւանց եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն։ Ան նաեւ մանրամասն փաստեր ներկայացուցած է Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազերպայճանի կողմէ համակարգային եւ հետևողական կերպով իրականացուող ցեղային ատելութեան ոճրային քաղաքականութեան վերաբերեալ, որուն անհերքելի վերջնանպատակն է Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտումն ու ցեղասպանութիւնը։