Ազերպայճանի միլլի մեճլիսի երեսփոխան Ճեյհուն Մամետով ԱՓԱ-ին ըսած է, որ “Ղարաբաղի մէջ ապրող Հայերը պէտք է հասկնան, որ երկու ճանապարհ ունին։ Անոնք կամ պէտք է համաձայնին բնակիլ Ազերպայճանի տիրապետութեան տակ եւ վերահամարկուիլ, կամ պէտք է լքեն տարածքը։ Այստեղ երրորդ ճանապարհ չկայ”։
Երեսփոխան Աքիլ Մամետով ալ մէջբերած է իր երկրի նախագահին խօսքերը. “Անոնք այլ ելք չունին։ Կա՛մ պէտք է շարունակեն շփումները եւ ընդունին վերահամարկման գործընթացը՝ դրսեւորելով շինիչ կեցուածք այս հարցին մէջ, կա՛մ մեկնին այս տարածքէն։ Ստեղծուած իրավիճակը հեռանկար չունի, իսկ խնդրի լուծման երրորդ ճանապարհ չկայ”։
Յիշեցնենք, որ այս հրէշաւոր միտքը երեսփոխանները կրկնած են իրենց նախագահէն յետոյ, որ Արցախցիներուն առաջարկած է կա՛մ ընդունիլ Ազերպայճանի քաղաքացիութիւն, կա՛մ մեկնիլ։