Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսական ֆիլմերու փառատօնին, Մարտ 26-ին ցուցադրուած է նաեւ Նորա Մարտիրոսեանի՝ 2020-ին Հայաստանի, Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի կողմէ արտադրուած «Si le vent tombe» ժապաւէնը, Ֆրանսական հիմնարկի Էլվիր Փոփեսքու պատկերասրահին մէջ։ Ֆիլմը ի միջի այլոց կ՚անդրադառնայ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման ձգտումին եւ առկայ դժուարութիւններուն։
Ցուցադրութեան ներկայ եղած են Ռումանիոյ մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներ, Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը, շարժարուեստի քննադատներ, հայ եւ ռումանացի հանդիսականներ։
Նախքան ցուցադրութիւնը ելոյթ ունեցած է Հայաստանի դեսպանութեան խոհրդական Լ. Մինասեան։ Ան մասնաւորապէս նշած է. “Հակառակ անոր որ ֆիլմին նկարահանումները տեղի ունեցած են 2020-ի աշնան Ազերպայճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմէն առաջ, սակայն հոն ներկայացուած դժուարությիւններն ու խնդիրները առաւել քան այժմէական են յատկապէս այսօր, երբ արդէն 105 օր է, որ Ազերպայճան շրջափակած է Արցախը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ, կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը”։