Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Շուշիի շրջանի գիւղերուն կապը խզուած է Ստեփանակերտի հետ

Արցախի հանրային հեռատեսիլի հաղորդման համաձայն՝ Մարտ 25-էն Շուշիի շրջանի շարք մը գիւղերուն կապը ընդհանրապէս խզուած է Ստեփանակերտի հետ։

Այդ գիւղերուն հետ հրատապ կապի համար օգտագործուող անտառային, այլընտրանքային ճամբան ապահովութեան նկատառումներով արդէն կարելի չէ օգտագործել: Շրջանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ գոնէ առժամեայ ելքեր գտնել, սակայն ցարդ փոփոխութիւններ չեն արձանագրուած։

Մեծ Շէնի համայնքապետ Դաւիթ Դաւթեան հաղորդած է, թէ ներկայիս գիւղին՝ մայրաքաղաքի հետ կապի միակ միջոցը հեռաձայնն է, իսկ տեղւոյն վրայ մարդասիրական բարդ խնդիրներ յառաջացած են։ Անոնք որոնք Ստեփանակերտ կ՚աշխատէին այժմ գործազուրկ դարձած են։ 

Ասկէ բացի, Մեծշէնցիները այս օրերուն զբաղած են գիւղատնտեսական աշխատանքներով՝ հակառակ անոր որ ազերպայճանական դիրքերը բաւական մօտ են գիւղին եւ գիւղացիներու մշակելի հողերուն:

“Ես կը զբաղիմ մեղուաբուծութեամբ։ Մեղուափեթակներս կը գտնուին թշնամիի դիրքէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ճիշդ է, որ հակառակորդի կողմէ առայժմ խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորելու դէպքեր չեն եղած, բայց յամենայն դէպս բնակիչները մտահոգ են։ Գիւղը ոռոգման ջուրի խնդիր ունի եւ այդ պատճառով ալ այգիներու մէկ մասը չ՚օգտագործուիր”,– նշած է համայնքապետը։