Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լօռան Վոքիէի գլխաւորած Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանի պատուիրակութիւնը Սիւնիք այցելած է

«Ֆրանսա պէտք է առաւելագոյն ճնշումը գործադրէ, որպէսզի առաջին փուլին իբրեւ առաջին քայլ կարենանք մարդասիրական օգնութեան համար ճամբայ բանալ»

Մարտ 29-ի առաւօտեան երկօրեայ այցով Սիւնիք ժամանած է Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանի պատուիրակութիւնը՝ Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լօռան Վոքիէի գլխաւորութեամբ։ 

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն շրջանի քաղաքապետեր (Վալանս, Տեսին-Շարփիէօ, Վիէն), շրջանային խորհուրդի պաշտօնատարներ,  դեսպաններ Յասմիկ Տոլմաջեան,– որուն միացած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույօ,– նաեւ տնտեսական, մշակութային, կրթական շրջանակներու, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ՝ ֆրանսական ու ֆրանքեւհայկական լրասփիւռներ։ 

Սիւնիքի դարպասներուն մօտ բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորած են Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան եւ մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչները։ 

Պատուիրակութիւնը նոյն օրը այցելած է Բերձորի փակ միջանցքին մուտքին գտնուող Կարմիր հող կոչուող տեղամասը, ուր Վոքիէ յայտարարած է, թէ ինք այս քայլով կ՚ուզէ աշխարհին ապացուցել, թէ Ֆրանսա իր բարեկամ երկրին՝ Հայաստանի կողքին է։ Ան մտահոգութիւն յայտնած է միջանցքին աւելի քան հարիւր օրէ ի վեր փակ ըլլալուն պատճառով մարդասիրական ճգնաժամին կապակցութեամբ, անընդունելի համարելով Ազերպայճանի այս գործելաոճը։

Վոքիէի՝ Արցախը մոռացութեան չմատնելու  կոչը

“Ան (Ազերպայճան – խմբ.) կը յուսայ, որ այստեղ յառաջխաղացք ունենալով վերջնապէս կը հաստատուի եւ մարդիկ հետզհետէ կը մոռնան իրականութիւնը։ Սակայն այս առումով կարեւոր է յիշեցնել, որ գոյութիւն ունի միջազգային իրաւունք եւ այդ միջազգային իրաւունքի կանոնները կը խախտուին, կը խախտուի նաեւ միջազգային ատեանին որոշումը։ Հոս խօսքը նոյնիսկ երկու ինքնիշխան պետութիւններու սահմաններու եւ սահմանազատման մասին չէ, խօսքը կը վերաբերի հոս բնակող 150 հազար հոգիի, որոնց բոլոր իրաւունքները կ՚ոտնահարուին”,– շեշտած է Վոքիէ եւ աւելցուցած.

“Շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը արձագանգէ։ Միջազգային հանրութիւնը իր լռութեամբ մեղսակից կը դառնայ այս գործին։ Եկած ենք աշխարհին յիշեցնելու, որ Արցախի մէջ 150 հազար հոգի կ՚ապրի, որոնք կտրուած են աշխարհէն, չունին բաւարար սնունդ ու առողջապահական պարագաներ եւ սա ուղղակի ողբերգութիւն է։ Այս ամէնը տեղի կ՚ունենայ լռութեան մէջ՝ իրողութենէն խուսափող, այլ կողմ դարձուող հայեացքներու ներքոյ․․․ Աշխարհի ուշադրութիւնը այսօր կեդրոնացած է Ուքրաինայի վրայ, որ հասկնալի է, բայց պէտք չէ մոռնալ Արցախը, քանի որ, եթէ կայ մէկը, այդ չի նշանակեր, որ չկայ միւսը։ Մեզի համար երկուքն ալ հաւասարապէս կարեւոր են։ Շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը արձագանգէ այս ամէնուն, ու Ֆրանսա առաւելագոյն ճնշումը գործադրէ, որպէսզի իբրեւ առաջին քայլ, գոնէ մարդասիրական օգնութեան համար ճամբան բացուի։ Ինծի համար կարեւոր է գտնուիլ միջանցքի մուտքին՝ ցոյց տալու համար, որ Ֆրանսա Հայաստանի ու Արցախի կողքին է”։

Նոյն օրը Տաթեւի վանական համալիրին մէջ ստորագրուած է Սիւնիքի մարզի եւ  Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանին միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը։ Ֆրանսական պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ  Ֆրանսական համալսարանը։