Մարտ 30-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Այխան Հաճիզատէ սպառնացած է յառաջիկային եւս միջոցներու ձեռնարկել «կասեցնելու համար ռազմամթերքի Ղարաբաղ փոխադրութիւնը»։
“Հայկական կողմը պէտք է իր զինուած ուժերը ամբողջութեամբ դուրս բերէ Ազերպայճանի տարածքէն եւ հրաժարի մեր երկրին նկատմամբ հողային պահանջներէն”,– ընդգծած է ան։
Նշենք, թէ նոյն օրը տեղի ունեցած Հայաստանի կառավարութեան նիստին վարչապետ Փաշինեան յայտնած է, թէ Պաքու ռազմամթերքի փոխադրութեան վերաբերեալ կեղծ լուրեր կը տարածէ իր հնարաւոր ռազմական գործողութիւնները արդարացնելու համար։ “Հայաստան դէպի Լեռնային Ղարաբաղ ռազմական փոխադրումներ չի իրականացնում, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղում բանակ չունի”,– ըսած է վարչապետը, կրկին շեշտելով՝ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն ղրկելու կարեւորութիւնը։
Պաքու ի պատասխան արձագանգած է, թէ Երեւան «Ազերպայճանի ներքին գործերուն միջամտելու իրաւունք չունի»։
“Միջազգային կազմակերպութիւններ Ազերպայճան ուղարկելու եւ մեր երկրի ներքին գործերուն միջամտելու փոխարէն Հայաստան պէտք է կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները”,– յայտարարած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը։