Իրան-Ազերպայճան նոր տարակարծութիւն՝ մայրենի լեզուով կրթութեան հարցին շուրջ

Իրան-Ազերպայճան

Բաց նամակը ստորագրած ազերպայճանական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Իրանի դեսպանատան առջեւ

Իրանի եւ Ազերպայճանի միջեւ դիւանագիտական լարումը նոր զարգացում մը արձանագրած է՝ այս անգամ Իրանի ազերպայճանախօս բնակչութեան մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու իրաւունքին առնչութեամբ։

Ազերպայճանի 55 հասարակական կազմակերպութիւններ բաց նամակով դիմած են Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանին՝ պահանջելով ապահովել երկրին ազերի բնակչութեան մայրենի լեզուով ուսում ստանալու կարելիութիւնը։ Հոկտեմբեր 26-ին հրապարակուած նամակը Նոյեմբեր 2-ին յանձնուած է Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանատան։

Սակայն յաջորդ օրը դեսպանատունը յայտարարած է, թէ նամակը պաշտօնապէս չէ ընդունած։ Ըստ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բացատրութեան՝ անծանօթ կամ անվստահելի ուղարկողներէ ստացուած գրութիւնները չեն արձանագրուիր եւ կ՚ոչնչացուին։

Այս արձագանգը դժգոհութիւն յառաջացուցած է նամակը ստորագրած կազմակերպութիւններուն մօտ, որոնք կը պնդեն, թէ դեսպանատունը դիտումնաւոր կերպով կը խուսափի իրենց բարձրացուցած հարցին պատասխանելէ։

Վէճին նախորդած էր Իրանի գիտութեան նախարար Հոսէյն Սիմայի Սարրաֆի յայտարարութիւնը, որով ան հրաւիրած էր գլխաշոր կրող ազերպայճանցի աղջիկները իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու իրանեան համալսարաններուն մէջ։ Պաքու այս առաջարկը նկատած էր միջամտութիւն իր ներքին գործերուն՝ Թեհրանին յորդորելով նախ զբաղիլ Իրանի ազերպայճանախօս բնակչութեան կրթական իրաւունքներով։

Այսպէսով, դրացի երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնը, որ սկիզբ առած էր Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ իսլամական գլխաշորի գործածութեան շուրջ, այժմ կը տարածուի նաեւ Իրանի ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքներուն վրայ։