Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան բացայայտօրէն արգիլած է Արցախցիներու մուտքը իրենց բնակավայրերը

Անոնք խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ վերադարձած են Գորիս

Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան կը հաղորդէ Ապրիլ 4-ին տեղի ունեցած Ազերպայճանի հակամարդկային նոր մէկ արարքին մանրամասնութիւնները։

Նոյն օրը, ռուս խաղաղապահները Գորիս քաղաքէն փորձած են երկու հանրակառքով Արցախ փոխադրել 27 քաղաքացի (ներառեալ կիներ երախաներ եւ տարեցներ), որոնք ինչպէս հարիւրաւոր քաղաքացիներ, գրեթէ չորս ամիսէ ի վեր շարունակուող շրջափակման պատճառով մնացած են Հայաստան եւ չեն կրնար վերադառնալ Արցախ՝ իրենց ընտանիքներուն վերամիանալու համար։ Սակայն Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ Շուշի քաղաքի մօտակայքը՝ ճանապարհի փակուած բաժնին մէջ Ազերպայճանի կառավարութեան գործակալները արգիլած են կառքերու երթեւեկը: 

Խումբին համար ճամբայ բանալու նպատաով ռուս խաղախապահները աւելի քան հինգ ժամ բանակցած են ազերպայճանական կողմին հետ, սակայն ապարդիւն։ Աւելի՛ն, անոնք ներխուժելով հանրակառքեր՝ սպառնալիքներ հնչեցուցած են, նախապայման դնելով «ընդունիլ Ազերպայճանի քաղաքացիութիւնը»։ Կառքերու մէջ գտնուող չորս կիներու առողջական վիճակը վատացած է եւ անոնցմէ երեքը ուշաթափ եղած են։ Խաղաղապահները զանոնք փոխադրած են Ստեփանակերտի հիւանդանոցը։ Ի դէպ, Ազերիները փորձած են հիւանդները փոխադրել իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշիի հիւանդանոցը, սակայն մարդիկ բողոքած են եւ պահանջած, որ զիրենք փոխադրեն Ստեփանակերտ։ Մնացեալ Արցախցիներն ալ վերադարձած են Գորիս։

Արցախի նախագահի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան այս կապակցութեամբ Դիմագիրքի իր էջին գրած է.

«Ադրբեջանում ցեղային խտրականութեան ու ատելութեան պետական քաղաքականութեան եւ դրա կանոնաւոր դրսեւորումների պայմաններում միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասկանայ, որ ադրբեջանական վերահսկողութեան դէպքում Արցախի ժողովուրդը գոյաբանական վտանգի առջեւ է գտնուելու։ Հետեւաբար նոր յանցագործութիւնները կանխելու համար հարկաւոր են հրատապ, վճռական ու գործնական քայլեր՝ Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան եւ իրաւունքների, այդ թւում՝ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը ապահովելու համար»։

Ազերպայճան, որ անդադար կը յայտարարէ, թէ Արցախը Հայաստանին կապող ճամբան բաց է, Ապրիլ 4-ին բացայայտօրէն արգիլած է Արցախցիներուն մուտքը իրենց բնակավայրերը: Ան ամբողջովին հակառակ մօտեցում ցուցաբերած է Արցախէն Հայաստան մեկնողներուն համար, ինչ որ ուղղակի փաստն է Արցախէն Հայերը հեռացնելու անոր ոճրային վարքագծին ու մտադրութեան: