Times of Israel թերթը Ապրիլ 5-ին բաւական ստուար յօդուած մը հրատարակած է վերոնշեալ խորագրին տակ։
Յօդուածագիրը՝ Քանաան Լիտոր կ՚ըսէ, թէ Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը բողոքած է Հայֆայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հրապարակի բացման դէմ, աւելցնելով որ անցեալ ամիս Հայֆան դարձաւ իսրայէլական առաջին քաղաքը, որ այս ձեւով ճանչցաւ ողբերգութիւնը (sic – «ՆՅ»):
Այս նախաձեռնութիւնը «յղի է այն կապերու զգալի վատթարացումով, զորս Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներն ու կառավարութիւնները կը փափաքին բարելաւել», գրած է դեսպան Շաքիր Էօզքան Թորունլար՝ Երեքշաբթի, Մարտ 20-էն ի զօրու դարձած անուանափոխութեան առնչութեամբ Հայֆայի քաղաքապետ Էյնաթ Քալիշ-Ռոթեմին ուղղուած իր նամակին մէջ, զոր Times of Israel յաջողած է ձեռք բերել։
Քաղաքապետ Էյնաթ Քալիշ-Ռոթեմ եւ Հայֆայի հայ համայնքի անդամները Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակի անուանակոչութեան արարողութեան ընթացքին, 2023 Մարտ 20 (Հայֆայի քաղաքապետարան)
Նամակին մէջ Թորունլար քաղաքապետին կը թելադրէ վերատեսութեան ենթարկել իր որոշումը եւ կը յիշեցնէ Թուրքիոյ պաշտօնական խօսոյթը, թէ «Թուրքիոյ մէջ երբեք ցեղասպանութիւն չէ գործուած»։
«Իսրայէլի՝ մեծութեամբ երրորդ քաղաքին,– ուր կ՚ապրի երկրի շուրջ 15 000 Հայերու կէսէն աւելին,– Հայֆայի Պեն Կուրիոն պողոտային վրայ Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակը երկրորդ վայրն է, որ ընտրուած է իսրայէլական քաղաքի մը կողմէ, ի յիշատակ վայրագութիւններու (sic – «ՆՅ»):
Նախապէս, Թել Ավիվի մերձակայքը՝ Փեթահ Թիքվայի մէջ բացուած էր զոհերու յուշարձանը այն հանրապարտէզին մէջ, որ հետագային պիտի վերակոչուէր հայկական ծագումով ֆրանսացի հանգուցեալ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի անունով:
Հայֆայի այս քայլը անգամ մը եւս կ՚ընդգծէ հսկայական վիհը Հայոց տառապանքներուն՝ Իսրայէլացիներու զօրակցութեան եւ Իսրայէլի յաջորդական կառավարութիւններու դժկամութեան միջեւ, որոնք կը մերժեն առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին հարիւրհազարաւոր հայ խաղաղ բնակիչներու՝ թրքական բանակին կողմէ սպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալ, Թուրքիոյ հետ բարի յարաբերությունները պահպանելու մտահոգութեամբ»,– կը գրէ յօդուածագիրը։
Հայֆայի քաղաքապետարանի բանբեր Էլիրան Թալ յայտարարած է, որ իր քաղաքի այս քայլը օրինակ պէտք է հանդիսանայ կառավարութեան:
«Մենք կը յուսանք, որ Իսրայէլի պետութիւնը կը ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած ցեղասպանութիւնը, որ խլեց 1,5 միլիոն հայերու կեանքը»,– գրած է Թալ այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Յօդուածագիրը այնուհետեւ կ՚անդրադառնայ վերջին տարիներուն ջարդի (sic – «ՆՅ») ճանաչման ճամբուն վրայ ի յայտ եկած նոր խոչընդոտին, որ կը կոչուի Ազերպայճան, «նաւթով հարուստ, Թուրքիոյ հետ սերտօրէն կապուած, Իրանի սահմանակից, հողային հարցով Հայաստանի հետ արիւնալի վէճի մէջ գտնուող երկիր», որու հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները խորացած են։ Հուսկ, կ՚եզրակացնէ, թէ նման ճանաչում մը կրնայ ա՛լ աւելի լարել արդէն լարուած Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները։