Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Եթէ միանանք, կը միանանք մի՛այն Մայր Հայաստանին»․ Արցախի կիներու ցոյցը Շոշ-Շուշի ճամբու խափանուած հատուածին

Ապրիլ 7-ին արցախցի խումբ մը կիներ խաղաղ ցոյց մը ըրած են յանուն Արցախի հայակականութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ՝ ի նշան բողոքի ազերպայճանական յարձակման եւ Բերձորի միջանցքի գրեթէ չորս ամիսէ ի վեր տեւող խափանման դէմ։ Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիրէն անոնք հասած են մինչեւ Շոշ-Շուշի ճամբուն այն հատուածը, որ խափանուած է Ազերպայճանցիներու կողմէ։ 

“Մենք ուզում ենք կանխել մեր հանդէպ բոլոր անարդարութիւնները եւ վերականգնել մեր իրաւունքները։ Ուզում ենք դիմել աշխարհին կոչով, խուլ աշխարհին, որպէսզի զսպի Aդրբեջանի յարձակումը մեր հանդէպ”,– Դիմագիրքէն ուղղակի հեռարձակման  ընթացքին ըսած է ցոյցի կազմակերպիչներէն Անի Յովհաննիսեան։ 

Գոյցի մասնակիցները հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով վանկարկած են՝ «Ազերպայճան խլեց մեր ազատ տեղաշարժի իրաւունքը», «30 հազար երախայ անտարբերութեան մատնուած է», «Բացէ՛ք Բերձորի միջանցքը», «Արցախի հայկականութիւնը այլընտրանք չունի», «Եթէ միանանք, կը միանանք մի՛այն Մայր Հայաստանին»։ 

Ցոյցի մասնակիցներու ձեռքի պաստառներուն վրայ ալ կարելի էր կարդալ «Մենք չե՛նք յանձնուիր», «Ապահովեցէ՛ք մեր կեանքի իրաւունքը», «Վերադարձուցէ՛ք ինծի իմ կրթութեան իրաւունքը», «Կանգնեցուցէ՛ք չարը», «Արցախի ինքնորոշումը միակ այլընտրանքն է»: