Իրանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեան եւ Ճեյհուն Պայրամով Ապրիլ 9-ին իրենց ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին արծարծած են Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ տարածաշրջանային որոշ խնդիրներուն առնչուող հարցեր։ Լուրը հաղորդած է իրանական կողմը, նշելով թէ անկեղծ եւ թափանցիկ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են առկայ խնդիրներն ու թիւրիմացութիւնները, անոնց առնչուող լուծումները, ընդգծելով փոխադարձ յարգանքը մէկզմէկու ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ։
Անդրադառնալով տարածաշրջանի երկիրներու միասնութեան, անվտանգութեան ու յառաջընթացին դէմ «իսրայէլեան վարչակարգի դաւադրութեան»՝ Ամիր Ապտոլլահեան յայտնած է, թէ շրջանի երկիրներու միջեւ տարակարծութիւններէն կը շահին միայն թշնամիները։
Իր կարգին Պաքու ընդգծած է թիւրիմացութեան վերջ տալու համար բանակցութիւններու շարունակութեան կարեւորութիւնը։ Պայրամով նշած է, թէ կարեւոր է յարգել Ազերպայճանի վարած արտաքին անկախ քաղաքականութիւնը՝ մեկնելով անոր ազգային շահերէն եւ տարածաշրջանի երկիրներուն հետ երկկողմ յարաբերութիւններէն։