Սիսիանի Բնունիս գիւղի բնակիչները սարսափի մէջ կ՚ապրին։ Պատճառը այն է, որ առջի գիշեր, լուսաբացին մօտ զինուորականի համազգեստով դիմակաւոր անձեր՝ իր անչափահաս երախաներով ապրող մօր մը տան դուռը զարկած են։
Երբ տանտիրուհին դուռը բացած ու հարցուցած է, թէ ո՞վ են ի՞նչ կ՚ուզեն, անոնք չեն ներկայացուցած իրենք զիրենք, նոյնիսկ բառ մ՚իսկ չեն արտասանած, որ հէգ կինը իմանայ, թէ Հա՞յ են, թէ ոչ։ Խեղճ կինը սարսափահար հազիւ թէ յաջողած է անոնց վրայ փակել դուռը։ Անծանօթները հեռացած են։
Սիսիանի համայնքապետ Արմէն Յակոբջանեան «Ազատութիւն» լրասփիւռին տեղեկացուցած է, որ Բնունիս գիւղը մտած են երկու Ազերպայճանցիներ։ Մէկը արդէն ձերբակալուած է, միւսը դեռ չեն յայտնաբերած եւ թէ որոնումը կը շարունակուի։ Ըստ համայնքապետին՝ անոնք սկիզբը Բնունիսի մէջ էին, աւելի ուշ բնակիչները անոնցմէ մէկը յայտնաբերած են Աշոտաւան գիւղի փողոցներէն մէկուն մէջ։ Գիւղացիները կը պնդեն, թէ անոնք ոչ թէ երկու, այլ՝ երեք հոգի էին։
Առայժմ, յայտնի չէ, թէ անոնք ինչպէս ներթափանցած են Հայաստանի այսքան խորերը, քանի որ Սիսիանի Բնունիս եւ Աշոտաւան համայնքները բաւական հեռու են ազերպայճանական դիրքերէն։
Ի դէպ կայ խորհրդաւոր այլ երեւոյթ մըն ալ։ Ձերբակալուած Ազերպայճանցին զինուորական համազգեստ չունէր, այլ քաղաքացիական հագուստներով էր։
Աւելի ուշ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ Ապրիլ 9-էն 10-ի գիշերը ժամը 1-էն 2-ի միջեւ, Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Ազերպայճանի բանակի զինուոր մը: Ըստ Նախարարութեան՝ ձերբակալուած Ազերպայճանցին ըսած է, թէ իր հետ կար ուրիշ զինուոր մը եւս, որու որոնման աշխատանքները կը շարունակուին:
Յամենայն դէպս, արդէն իրենք զիրենք շատ ապահով չզգացող շրջանի բնակիչները ներկայիս բոլորովին կորսնցուցած են ապահովութեան զգացումը եւ կ՚ապրին ահ ու սարսափի մէջ։ Ենթադրաբար, Ազերպայճանցիներու ուզածն ու փորձածն ալ ա՛յդ է։