Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Վայոց Ձորի մէջ կին մը իր հովանոցը նետած է Նիկոլ Փաշինեանի ուղղութեամբ

Վարչապետ Փաշինեանի Ապրիլ 10-ին Վայոց Ձոր կատարած այցի ընթացքին միջադէպ մը պատահած է։ Երբ ան կը գտնուէր մարզի Եղէգնաձոր համայնքի Մալիշկա գիւղը, կին մը ճեղքելով ապահովութեան գօտին, իր հովանոցը նետած է անոր ուղղութեամբ։ 

47-ամեայ կինը ձերբակալուած է ու յանձնուած՝ արդարադատ պատկան մարմիններուն։ Ան աւելի ուշ ազատ արձակուած է։

Նշենք, թէ Մալիշկայի գիւղապետ Գարիկ Նազարեան News.am-ին ըսած է, թէ կինը Բերձորէն տեղահանուած է եւ իրենց գիւղը վարձու տան մը մէջ կ՚ապրի։ Ան պատմած է, որ ինք այցի ընթացքին Փաշինեանի կողքին կը գտնուէր եւ չէ նկատած այդ միջադէպը։